Միջազգային դերակատարները պէտք չէ շատ քիչ, կամ շատ ուշացած աջակցութիւն տրամադրեն Արցախ-Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն


Բանալի բառեր: Արցախ-Լեռնային Ղարաբաղ, Լաչինի միջանցքի շրջափակում, հայեր, հակամարտութիւն, մարդասիրական աղէտ, ցեղասպանութիւն:



ԶՈՎԻԿԵԱՆ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԻ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ


Մենք կը տագնապինք եւ խիստ մտահոգ ենք Արցախի-Լեռնային Ղարաբաղի ամբողջ հայ ժողովուրդի իր պատմական հողէն առանց արգելքի բռնի տեղահանումով։ Շրջափակումի սկիզբէն եւ յունիսին յաջորդած ամբողջական պաշարումէն ի վեր, վերջին ինը ամիսներուն ընթացքին մենք կոչ ուղեցինք եւ զգուշացուցինք միջազգային շահագրգիռ կողմերուն, որպէսզի գործեն նախքան ուշ ըլլալը: 19 սեպտեմբերին Ազրպէյճանռազմավարական, համապարփակ եւ դաժան ռազմական արշաւ սկսաւ Արցախի-Լեռնային Ղարաբաղի պատմական հայկական գիւղերու եւ քաղաքներու դէմ։


Զովիկեան Գործընկերութեան Հանրային Գրասենեակը կանգնած է այս պատմական հայկական համայնքի կողքին եւ կը շարունակէ կենսական դեր խաղալ արդարութիւն եւ հաշուետուութիւն ապահովելու համար: Մենք հաստատակամ կը մնանք գիտական ձեւերով փաստահաւաք առաքելութիւններուն աջակցելու, վերապրողներու վրայ կեդրոնացած ցեղասպանութեան ոճիրներու փաստագրման գործին մէջ, եւ պիտի պայքարինք Ազրպէյճանի մէջ ապօրինի կերպով բանտարկուած հայերու ապահով եւ անյապաղ ազատ արձակման համար:


Մեզի մեծ ցաւ կը պատճառէ այն փաստը, որ այս կացութեան մեծ մասը կրնար չի պատահիլ, եթէ աշխարհը առաջնահերթութիւն տար եւ բարձրաձայնէր աւելին, քան պարզապէս անհանգստութեան կոչեր՝ ընդդէմ սովի, օժանդակութեան շահագործումի եւ 120,000 բնիկ հայերու անդադար պատժելու ճնշումներու ենթարկելու: Մենք չյաջողեցանք անհրաժեշտ ճիգեր թափելու, եւ որպէս այդպիսին, մենք ձախողեցանք պաշտպանել ամբողջ ժողովուրդ մը, որ շատ լաւ գիտէ, թէ ինչպիսին է կեանքը ցեղասպանութեան վտանգիդիմաց:


Մենք չենք ընդունիր վերադարձի իրաւունքի ժխտումը եւ այս հողէն հայկական ինքնութեան, մշակոյթի եւժառանգութեան ջնջումը։ Յստակ ըլլալու համար, պարզապէս, որ այսօր Արցախի-Լեռնային Ղարաբաղի մէջայլեւս հայեր չկան, այս հողը չի դադրիր հայկական ըլլալէ:


Անգլերէնի համար սեղմել այստեղ:

Լին Զովիկեան

Համահիմնադիր եւ գործադիր տնօրէն

Զովիկեան Գործընկերութիւն

Զովիկեան Գործընկերութեան Հանրային Գրասենեակը անունով

Share by: